Modern Website Header
Website Header with Working Banner

«Քաղաքացիական պայմանագիր»-ը Թագուհի Թովմասեանը զրկած է Մարդկային իրաւանց պաշտպանութեան յանձնաժողովի նախագահի պաշտօնէն

Յուլիս 11-ին, Ազգային ժողովը 62 թեր, 1 դէմ քուէով Թագուհի Թովմասեանը զրկած է Խորհրդարանի Մարդկային իրաւանց պաշտպանութեան եւ հանրային հարցերու մնայուն յանձնաժողովի նախագահի պաշտօնէն։

Նշենք, թէ ընդդիմադիր՝ «Հայաստան» եւ «Պատիւ ունեմ» խմբակցութիւնները  չեն  մասնակցած Թովմասեանի լիազօրութիւններու դադրեցման հարցի քննարկման ու քուէարկութեան։

Աւելցնենք, թէ երեսփոխանին անվստահութիւն յայտնելու գործընթաց սկսելու վերաբերեալ ամիսներ առաջ յայտարարած էր «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան անդամ, երեսփոխան Յովիկ Աղազարեան։

Թովմասեանի պաշտօնազրկման հիմքը այն է, որ երբ իշխանական երեսփոխաններու եւ Էդգար Ղազարեանի միջեւ լեզուակռիւ յառաջացած է, ենթական ընդմիջում չէ յայտարարած եւ  Էդգար Ղազարեանին չէ յորդորած ներողութիւն խնդրել 2018-ի իշխանափոխութիւնը «ադրբեջանա-թուրքական» անուանելուն համար…։