Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Ալիեւ. «Հասած է պահը, որ Երեւան թուղթի վրայ վերահաստատէ իր յայտարարութիւնները»

Ազերպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ ընկերա-տնտեսական հարցերու նուիրուած կառավարութեան նիստին ըսած է, թէ հասած է պահը, որ Երեւան թուղթի վրայ վերահաստատէ իր յայտարարութիւնները, թուղթին յանձնելէ ետք ալ՝ ստորագրէ փաստաթուղթը։

Ալիեւ «դրական» կը գնահատէ Երեւանի դիրքորոշման փոփոխութիւնը. ան յիշեցուցած է հայկական կողմի քայլերու յաջորդականութիւնը՝ անցեալ տարուան Հոկտեմբերին Հայաստանի իշխանութիւնը ընդունած է Ազերպայճանի հողային ամբողջականութիւնը, ինքնիշխանութիւնը, ընդամէնը քանի մը ամիս ետք ալ՝ Մայիսին արդէն պաշտօնապէս ճանչցած է Ազերպայճանի սահմանները՝ ներառեալ Ղարաբաղը եւ կղզիացած շրջանները։

“Սա պէտք է դիտարկել որպէս դրական պահ։ Հիմա եկած է ժամանակը, որ այդ նոյն խօսքերը ամրագրուին թուղթի վրայ, ստորագրութիւններ դրուին, յարաբերութիւններ հաստատուին”,– պնդած է Ազերպայճանի առաջնորդը՝ տեղեկացնելով, որ յառաջիկայ օրերուն նախատեսուած են հայ-ազերպայճանական բարձր մակարդակի բանակցութիւններ, եւ անոնց նպատակն է՝ «կողմերը մօտեցնել խաղաղութեան համաձայնագրին»։