Search
Close this search box.

Արցախի շրջափակման առաջին զոհերը. 3-ամեայ Լէոյի եւ 6-ամեայ Գիտայի սրտաճմլիկ մահը…

Արցախի Աղաբէկալանջ գիւղը բնակող 3 տարեկան Լէոյի և 6 տարեկան Գիտայի միայնակ մայրը Յուլիս 7-ին, քնացած երախաները տունը առանձին ձգած՝ 5 քիլոմեթր քալելով գացած է մինչեւ մօտակայ Մարտակերտ քաղաքը՝ ձէթ, շաքար եւ այլ մթերքներ ձեռք բերելու։ Երախաները արթննալնուն պէս՝ տունէն դուրս ելլելով սկսած են փնտռել իրենց մայրը։ Ըստ ճամբուն վրայ տեղադրուած տեսախցիկներու արձանագրութեանց՝ խեղճ փոքրիկները յոգնած եւ որոշած են նստիլ ճամբուն վրայ գտնուող լքուած կառքի մը մէջ: Անոնք ի վերջոյ քնացած են… ու կառքին ներսը տիրող տօթէն հիւծուելով՝ մահացած…։

* * *

Լէօն եւ Գիտան Արցախի շրջափակման առաջին զոհերն են։ Իսկ քաղաքակիրթ աշխարհը ինքզինք կոյր, խուլ ու համր կը ձեւացնէ։

Բայց մեր «մարդ» կոչածի խիղճէն աւելի տարօրինակը, անտրամաբանականը, անհեթեթը կա՞յ միթէ…

Մինչ մէկ անձի կեանք փրկելու համար «մարդ»-ը անհաւատալի ջանքեր կը գործադրէ երբեմն, անդին՝ մէկ ռումբով հարիւրաւոր անմեղներ կը սպանէ, մէկ հոգիի գէթ իրաւունքներու պաշտպանութեան համար անխոնջ պայքար կը մղէ, 120 000 բնակիչներու կեանքը առ ոչինչ կը համարէ, Մարոքի մէջ հորը ինկած երախայի մը (ամէն մէկ երախայի կեանք սրբազան արժէք է, հեռու մեզմէ այդ տարաբախտ մանուկինը նսեմացնելու գաղափարը) փրկութեան աշխատանքներուն օրերով հեւ ի հեւ կը հետեւի, եւ վերջաւորութեան ալ «կը յուզուի» վրայ հասած ողբերգական մահով, բայց հոգն իսկ չեն ըլլար Արցախի 30.000 մանուկները, որոնք վաղը, միւս օր կրնան Մարոքի այդ տարաբախտ երախային ճակատագիրը բաժնել։ Պահը բանաստեղծելու պահը չէ, բայց չենք կրնար չմտածել՝ Արցախի տասնեակ հազարաւոր մանուկները մարդկութեան անտարբերութեան հորին եզրը կը գտնուին։ Եւ… Արցախի ոչ միայն մանուկները…  

* * *

Մետաքսէ Յակոբեան. «Իսկ վաղը… մեր ու մեր մանուկների համար վաղը շատ հեռու է… հաշուարկը ժամերով ու րոպէներով է…

Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի  «Արդարութիւն» խմբակցութեան երեսփոխան Մետաքսէ Յակոբեան Դիմագիրքի իր էջին գրած է.

«3-ամեայ Լէօն եւ 6-ամեայ Գիտան Ադրբեջանի կողմից Արցախի Հանրապետութիւնը արդէն 7 ամիս շրջափակման մէջ պահելու զոհերն են… Հայաստանի ու Սփիւռքի մեր հայրենակիցները ամէն օր հետաքրքրւում են, թէ ինչ իրավիճակ է Արցախում… սա այլեւս իրավիճակ չէ. փոքրիկները հաւաքական կերպարն են, որով կարող էք տեսնել Արցախի Հանրապետութեան ու Արցախի ժողովրդի այսօրը… իսկ վաղը… մեր ու մեր մանուկների համար վաղը շատ հեռու է… հաշուարկը ժամերով ու րոպէներով է…»: