Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Հազարաւոր Արցախցիներու մասնակցութեամբ՝ Ստեփանակերտի մէջ ծայր առած է համաժողովրդական շարժումի հանրահաւաքը

Յուլիս 14-ի առաւօտեան, Հազարաւոր Արցախցիներու մասնակցութեամբ Ստեփանակերտի մէջ ծայր առած է համաժողովրդական շարժումի հանրահաւաքը։

Հանրահաւաքին սկիզբը՝ նախ մասնակիցները մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգած են հայրենիքի պաշտպանութեան համար հերոսաբար ինկածներու յիշատակը եւ ապա հնչած է միասնական Տէրունական աղօթքը։

Հանրահաւաքին մասնակցած են Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան, Պետական նախարար Գուրգէն Ներսիսեան, Ազգային ժողովի նախագահ Արթուր Թովմասեան, Արցախի նախագահի խորհրդական Դաւիթ Բաբայեան, այլ պաշտօնատարներ։

Արցախի նախկին Պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեան նախորդ օրը տեսաուղերձով յայտարարած էր, թէ կը միանայ համաժողովրդական շարժումին։

Դիմում՝ Կարմիր Խաչին եւ  տեսակցութիւն՝ ռուս խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատարութեան հետ

Հանրահաւաքի մասնակիցները Վերածնունդի հրապարակէն ուղղուած են դէպի Կարմիր Խաչի Ստեփանակերտի գրասենեակը, ուր կազմակերպութեան պատասխանատուներէն պահանջած են Արցախի մէջ տիրող կացութեան իրական պատկերը ներկայացնել միջազգային բոլոր կառոյցներուն։ 

Այնուհետեւ խաղաղ ցոյց կազմակերպուած է Ռուս խաղաղապահ զօրակազմի կեդրոնին առջեւ, ուր Պետական նախարար Գուրգէն Ներսիսեան հանդիպում ունեցած է հրամանատարին հետ։ Ան այս կապակցութեամբ Դիմագիրքի իր էջին հետեւեալ տեղեկութիւնները հաղորդած է.

«Արցախի Հանրապետութեան Մարդկային իրաւանց պաշտպան Գեղամ Ստեփանեանի, Ներքին գործոց նախարար Կարէն Սարգսեանի եւ Ազգային ժողովի «Ազատ Հայրենիք-ՔՄԴ» խմբակցութեան ղեկավար Արթուր Յարութիւնեանի մասնակցությամբ հանդիպում ունեցանք խաղաղապահ ուժերու հրամանատար Ալեքսանտր Լենցովի եւ այլ պաշտօնատարներու հետ: Ներկայացուցինք Արցախի մէջ ստեղծուած իրավիճակը եւ համաժողովրդական շարժումի մասնակիցներուն պահանջը:

Լենցով յայտնեց, որ իրավիճակի վերաբերեալ պարբերաբար տեղեկութիւններ կը հաղորդէ Մոսկուա։ Ան ընդունեց, որ Արցախի մէջ մարդասիրական ճգնաժամը ամէն վայրկեան կը խորանայ, նկատի ունենալով Միջանցքին փակուած ըլլալը, որ ինքնին Եռակողմ յայտարարութեան 6-րդ կէտի բացայայտ խախտում մըն է։

Ռուս հրամանատարը հաւաստեց, որ այսուհետեւ կացութեան զարգացումներու վերաբերեալ անընդհատ պիտի տեղեկացնէ իր վերադասին եւ քայլերու պիտի ձեռնարկուի ծագած խնդիրները կարգաւորելու ուղղութեամբ։

Վերածնունդի հրապարակին վրայ վրաններ լարուած են

Ստեփանակերտի քաղաքապետարանին կողմէ երկու տասնեակէ աւելի վրան լարուած է՝ համաժողովրդական շարժումի մասնակիցներուն համար։