Արցախի նախագահին ուղերձը
Յուլիս 17-ի երեկոյեան, Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան հանդէս եկած է ուղերձով եւ յայտարարած, թէ կը միանայ Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ ծայր առաջ շարժումին եւ նստացոյց կը սկսի։
Ան նշած է, որ եթէ մէկ շաբթուան ընթացքին «միջազգային միջամտութեամբ Արցախի ժողովուրդին վիճակը չվերադառնայ քիչ թէ շատ բնականոն հունի», ապա անկէ ետք կը դիմեն աւելի խիստ գործողութիւններու։
“Շրջափակման ընթացքին յոյս ենք ունեցել, որ միջազգային հանրութեան տարբեր դերակատարներ կը վերացնեն շրջափակումը, կը կանխեն դրա հետագայ խորացումը, սակայն մենք լսել ենք միայն բարի խօսքեր, բայց ո՛չ եռակողմ յայտարարութեան, ո՛չ ՄԱԿ-ի միջազգային ատեանի որոշումների, ո՛չ էլ այլ դերակատարների կոչերի իրագործումը այդպէս էլ չենք տեսել”,– յայտարարած է նախագահը։
Յարութիւնեան յայտնած է, թէ այս քայլով (նստացոյցով) կ՚ակնկալեն, որ Հայաստանը, Ռուսաստանը, ՄԱԿ-ի անվտանգութեան խորհուրդը եւ այլ լիազօր մարմիններ՝ «զերծ կը մնան առաջին հերթին Ազերպայճանի յարձակողական եւ յանցաւոր գործողութիւնները խրախուսելէ ու անտեսելէ, իսկ այնուհետեւ կը կատարեն իրենց պարտաւորութիւնները՝ եռակողմ յայտարարութեան, ՄԱԿ-ի ատեանի որոշումներու պատշաճ իրագործման ուղղութեամբ»:
Արցախի նախագահը վստահութիւն յայտնած է, որ տարբեր երկիրներու մէջ նստացոյցերու եւ բողոքի քայլերու միջոցով կարելի կ՚ըլլայ շօշափելի արդիւնք ապահովել այս պայքարին. «Միջազգային հանրութիւնը պէտք է զգայ հայ ժողովուրդի վճռական կամքն ու սատարումը Արցախին, քանի որ Արցախի հայկական ու արժանապատիւ ապագայի բանալին նոյնինքն հայ ժողովուրդի ձեռքերուն մէջ է»:
“Նստացոյցին միանալը իմ սահմանադրական, քաղաքացիական ու ազգային պարտաւորութիւնների հետ կապուած ծայրայեղ քայլ է, այս իրավիճակում ես աւելի արդիւնաւէտ այլ տարբերակ չեմ գտել”,– ըսած է Արայիկ Յարութիւնեան՝ շեշտելով, որ իր քայլը որեւէ կերպով պիտի չազդէ պետական համակարգի գործունէութեան վրայ: Ան աւելցուցած է. “Մենք պայքարում ենք մեր սեփական հայրենիքի եւ ինքնորոշման իրաւունքի իրացման, ճանաչման ու պաշտպանութեան համար, իսկ այդ իրաւունքը բնական է ու ենթակայ չէ սակարկման ու զիջման: Ադրբեջանում տիրող հայ ժողովրդի դէմ ցեղային ատելութեան ու խտրականութեան համակարգային քաղաքականութեան պայմաններում Արցախի Հայերը կանգնած են ֆիզիքական ոչնչացման իրական սպառնալիքի առջեւ”։
Արայիկ Յարութիւնեանի ուղերձին տեսանիւթը՝