Եւրոպական Միութեան մէջ Հայաստանի ներկայացուցչութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ Եւրոպական խորհրդարանի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովը կոչ ըրած է Անգարային ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը՝ թուրք եւ հայ ժողովուրդներու միջեւ իրական հաշտութեան ճամբայ հարթելու համար։
Թուրքիոյ վերաբերեալ զեկոյցին մէջ նշուած է, թէ յանձնաժողովը կ՚աջակցի Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու բնականոնացման՝ մեկնելով հաշտութեան, տարածաշրջանային կայունութեան եւ ապահովութեան շահերէ։
«Յանձնաժողովը կոչ ուղղած է նաեւ շուտով իրագործելու յատուկ բանագնացներու համաձայնութիւնները՝ օդային տարածքի եւ երկու երկիրներու միջեւ սահմանի բացումը, ողջունելով ցարդ արձանագրուած յառաջընթացը, գոհունակութեամբ նշելով Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ներկայութիւնը Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի երդման արարողութեան»,– նշուած է զեկոյցին մէջ։
Ի վերջոյ յանձնաժողովը կոչ ըրած է Թուրքիոյ՝ ամբողջութեամբ կատարելու հայկական մշակութային ժառանգութիւնը պաշտպանելու իր պարտաւորութիւնները։