Արցախի Մարդկային իրաւանց պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան Թուիթըրեան իր հաշիւին ներկայացուցած է Ազերպայճանի մէջ տեղի ունեցած հարցախոյզին արդիւնքները։ Տեղացիներէն հետաքրքրուած են, թէ 2025-ին՝ Արցախէն ռուս խաղաղապահներու մեկնումէն ետք, հայ երախայի մը հանդիպելու պարագային ի՞նչ կ՚ընեն։ Հարցախոյզին մասնակցողներու 17 տոկոսը ըսած է, որ երախան գերութեան կը վաճառէ, 22 տոկոսը՝ երախային փորոտիքը կը պարպէ ու ատով կը կերակրէ շուները։
«Մարդասիրական օգնութիւն՝ Աղդամէ՞ն Ստեփանակերտին։ Նայեցէ՛ք այս պատկերը, յետոյ՝ խօսեցէք։ Դուք ազնիւ չէք, ազնիւ չէք նոյնիսկ քիչ մը, Թոյվօ Քլաար։ Ազերպայճանի հասարակութիւնը ամբողջովին լեցուած է Հայերու հանդէպ ատելութեամբ»,– գրած է Ստեփանեան։
***
Որպէսզի մեր ընթերցողներու մտքերուն մէջ հարցական կէտեր չմնան, թէ արդեօք հարցապնդուածներու մնացեալ տոկոսը բարի, կամ քիչ թէ շատ անվնա՞ս տրամադրութիւններ արտայայտած է, տանք զանոնք ալ։ Չէ՛, աւելի լաւ է տանք հարցախոյզին ամբողջ բովանդակութիւնը, քանի որ հարցումն ալ՝ ինքնին «ակադեմական» մակարդակի է։
«2025-ին ռուս խաղաղապահները կը մեկնին Ղարաբաղի շրջանէն։ Խանքենտիի (Ստեփանակերտ) մերձակայքը պտըտելու ընթացքին դուք կը հանդիպիք հայ երախայի մը, որ կը խօսի հայերէն, ինչպէս կ՚ըսեն խօսակցական բարբառով՝ «իշու լեզու»-ն։ Ի՞նչ կ՚ընէիք այդ պարագային.
– 25%՝ դիտողութիւն կ՚ընեմ։
– 32%՝ կ՚ապտակեմ։
– 4%՝ լեզուն կը կտրեմ։
– 17% կ՚առնեմ, կառքիս սնտուկին մէջ կը նետեմ, կը տանիմ Քուրտամիր ու կը վաճառեմ։
– 22%՝ Փորոտիքը կը պարպեմ ու ատով կը կերակրեմ տեղւոյն շուները»։
No comment !!!