Ֆրանսայի Ազգային ժողովի եւ Ծերակոյտի Ֆրանսա-Հայաստան բարեկամութեան խումբերու նախագահները՝ համապատասխանաբար՝ Անն-Լոռանս Փեթէլ եւ Ժիլպէր-Լիւք Տըվինազ Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարուհի Քաթրին Գոլոնային պաշտօնական նամակով մը դիմած են Սիւնիքի մարզի մայրաքաղաք Կապանի կամ Գորիս քաղաքին մէջ ֆրանսական հիւպատոսական ներկայացուցչութիւն մը բանալու առաջարկով, ինչպէս արդէն ըրած են այլ երկիրներ։ Անոնք դիտել տուած են, որ նման նախաձեռնութեամբ Ֆրանսա կրնայ կարեւոր քայլ մը կատարել Հայաստանի հողային ամբողջականութեան պահպանման համար։ Ըստ Փեթէլի եւ Տըվինազի՝ այդ ազդու քայլ մը պիտի ըլլայ նաեւ ի նպաստ տարածաշրջանի կայունութեան, ինչպէս նաեւ պիտի հանդիսանայ կարեւոր նախաձեռնութիւն մը Ֆրանսայի ու Հայաստանի միջեւ համագործակցութեան զարգացման առումով։
«Սիւնիքը թէեւ կապուած է Երեւանի հետ միայն մէկ լեռնային ճանապարհով, բայց եւ այնպէս կը հանդիսանայ էական միջանցք՝ Իրանի հետ սահմանով արտաքին աշխարհի հետ կապ հաստատելու համար։ Ընդամէնը 35 քմ. երկարութեամբ հայ-իրանական սահմանը կենսական նշանակութիւն ունի Հայաստանի համար։ 2020-ի աշնան ան նաեւ միակն էր, որ բաց մնաց 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին՝ պաշտպանելով Հայաստանը լիակատար շնչահեղձութենէ»,– ի միջի այլոց, նշուած է Արտաքին գործոց նախարարուհիին ուղղուած նամակին մէջ։