2012-էն ի վեր Վրաստանի Հայ Օգնութեան Միութեան մասնաճիւղին կողմէ կ՚իրագործուի «Ջաւախք ճամբար» ծրագիրը՝ ԱՄՆ-ու Արևելեան շրջանի երիտասարդներու նախաձեռնութեամբ ու մասնակցութեամբ ։
2023-ի «Ջաւախք-ճամբար»-ը տեղի կ՚ունենայ Ախալցխայի, Ախալքալաքի, ինչպէս նաեւ Նինոծմինդայի եւ Ծալկայի շրջանի Դարագիւղին մէջ։
Ճամբարը կը կազմակերպուի երկու փուլով․
1․ Յուլիս 31—Օգոստոս 5՝ Ախալքալաքի եւ Ախալցխայի մէջ։
2․ Օգոստոս 6–12՝ Նինոծմինդայի եւ Ծալկայի շրջանի Դարագիւղին մէջ։
Ճամբարներուն մէջ կ՚ընդգրկուին 8–16 տարեկանները։ Անոնց համար նախատեսուած է ուսումնադաստիարակչական ու ճանաչողական ծրագիր, հայրենասիրական երգերու, պարերու ուսուցում, մարզանք եւ բազմաբնոյթ խաղեր։
ԱՄՆ-ու Արեւելեան շրջանէն ժամանող խմբապետերուն կ՚օգնեն Ջաւախքի «Զօրի Զօրեան» Երիտասարդական եւ Պատանեկան միութեան անդամները։