Ազերպայճանի մէջ հետզհետէ աւելի յաճախ կը լսուին հակառուսական ելոյթներ՝ Արցախի մէջ տեղակայուած ռուս խաղաղապահներու ներկայութեան առնչութեամբ։
Այսպէս, վերջերս ազերպայճանցի երեսփոխան Կուտրաթ Հասանկուլիեւ սպառնացած է ուժ կիրարկել ռուս խաղաղապահներու դէմ, եթէ անոնք 2025-ին չլքեն Արցախը։
«Եթէ մինչեւ 2025 թուականը մտնենք Ստեփանակերտ, ատիկա կա՛մ պէտք է համաձայնեցուի Ռուսաստանի հետ, կա՛մ մեծ աշխարհաքաղաքական փոփոխութիւններ պէտք է տեղի ունենան տարածաշրջանին մէջ։ Եթէ իրավիճակը մնայ նոյնը, եւ Ռուսաստան 2025-ին Ղարաբաղի մէջ մնալու պատճառ փնտռէ, հակառակ Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութեան, ապա մենք պէտք է ուժ գործադրենք եւ մեր հողերը ազատագրենք բռնագրաւումէ»,– ըսած է ան։