Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ԲԻՒՐԱԿԱՆ – Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Արցախի սկաուտներու բացակայութեան՝ Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.-ական 12-րդ բանակումին բացումը՝ «Խրոխտ, խիզախ, միշտ պատրաստ» նշանաբանով

 

Մէկ տարի ակամայ ուշացումով, Յուլիս 21-ի երեկոյեան Բիւրականի «Գառնիկ Մկրտիչեան» սկաուտական բանակավայրին մէջ տեղի ունեցած է համա-Հ.Մ.Ը.Մ.-ական 12-րդ բանակումին բացման արարողութիւնը։ Հայաստանի, Արցախի, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաուտական եւ բանակումի քայլերգերով բարձրացած են Հայաստանի, միջազգային սկաուտութեան եւ բանակումի մասնակից շրջաններու երկիրներուն դրօշները։ 

Այնուհետեւ ելոյթ ունեցած է բանակումի ընդհանուր խմբապետը, որ յատկապէս անդրադարձած է Արցախի սկաուտներու բացակայութեան երեւոյթին եւ ըսած. “Դժբախտաբար, այսօր մեզի հետ չեն մեր շատ սիրելի Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Արցախի տարազաւորները, որոնք անհամբեր կը սպասէին միանալու, ծանօթանալու եւ յիշատակելի պահեր ապրելու մեր բոլորին հետ։ Անոնք ակամայ բացակայ են, որովհետեւ 12 Դեկտեմբեր 2022-էն ի վեր շրջափակուած են եւ ծանր պայմաններու տակ կը փորձեն ապրիլ եւ գոյատեւել։ Թէեւ ֆիզիքապէս իրենց հետ չենք, բայց իրենց ապրած դժուար պայմանները կ’ապրինք հոգեպէս”։

ՀՄԸՄ-ի պատասխանատուներուն ելոյթներէն ետք, հանդիսութեան եզրափակիչ պատգամը արտասանած է Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Վաչէ Նաճարեան եւ պաշտօնապէս բացուած յայտարարած համա-Հ.Մ.Ը.Մ.-ական 12-րդ բանակումը՝ յաջողութիւն մաղթելով բանակումի աշխատանքներուն։

Հուսկ, բացման արարողութիւնը աւարտած է Հ.Մ.Ը.Մ.-ի «Յառաջ նահատակ» քայլերգով։