Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ԵՐԵՒԱՆ – Քաղաքացիները ՄԱԿ-էն կը պահանջեն իրենց հաւաքած օգնութիւնը փոխադրել Արցախ

Յուլիս 22-ին, չորրորդ օրն էր, որ Երեւանի մէջ ՄԱԿ-ի գրասենեակին դիմաց քաղաքացիները կը շարունակէին սնունդ, դեղորայք եւ առաջին անհրաժեշտութեան այլ ապրանքներ բերել, միջազգային կառոյցէն պահանջելով այդ բեռները իր դրօշի ներքոյ Բերձորի միջանցքով փոխադրել պաշարուած Արցախ։