«Ներկայացուցէ՛ք՝ ձեզ Շուշի հրաւիրողներուն ու կերակրողներուն իրական դէմքը. դժոխքի կողքին կեղծ դրախտի մասին հաղորդելը ո՛չ մարդկային է, ո՛չ մասնագիտական, ո՛չ օրինական»
Յուլիս 22-ին, Արցախի լրագրողները՝ Շուշի-Ստեփանակերտ ճանապարհէն կոչ ուղղած են Շուշիի համաժողովին մասնակցող իրենց միջազգային գործընկերներուն.
«Դադրեցուցէ՛ք Արցախի շրջափակման եւ հակամարտութեան վերաբերեալ մի՛այն միակողմանի տեղեկութիւններու հաղորդումը,
Դադրեցուցէ՛ք խօսքի ազատութեան եւ Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներուն դէմ բռնապետական վարչակարգին կողմէ աղաղակող խախտումներուն աջակցիլը,
Եկէ՛ք ձեզմէ քանի մը քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող մեր շրջանները՝ լուսաբանելու մեր ժողովուրդի իրական կեանքը եւ ձեզ Շուշի հրաւիրողներու ու կերակրողներու իրական դէմքը,
Հաւատարիմ մնացէ՛ք ձեր առաքելութեան իբրեւ լրագրող՝ ներկայացնելու ճշմարտութիւնը եւ պաշտպանելու մարդկային իրաւունքներն ու արժանապատւութիւնը,
Զերծ մնացէ՛ք բռնապետի ձեռքին գործիք դառնալէ եւ ցեղային զտումներու քաղաքականութիւնը խթանելէ։ Հակառակ պարագային դուք ծանր պատասխանատւութիւն պիտի կրէք մարդկութեան դէմ շարունակուող այս յանցագործութեան համար:
Դժոխքի կողքին կեղծ դրախտի մասին հաղորդելը ո՛չ մարդկային է, ո՛չ մասնագիտական, ո՛չ օրինական:
Մենք կը հաւատանք, որ դուք կրնաք փոփոխութիւն կատարել աշխարհի մէջ եւ փրկել մարդկային կեանքեր:
Մենք կ՚ակնկալենք ձեր մարդկային եւ մասնագիտական աջակցութիւնը՝ ի պաշտպանութիւն ճշմարտութեան, մարդկային իրաւունքներու, ազատութեան եւ արժանապատւութեան»: