Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Արցախի Պետական նախարար. «Կարմիր Խաչը կրցած է համոզել Ազերպայճանցիները, որ անցակէտին բժշկական քննութիւնը գոնէ տեսախցիկներու առջեւ չկատարուի»

 

Արցախի Պետական նախարար Գուրգէն Ներսիսեան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռին հետ հարցազրոյցին անդրադառնալով ապօրինի անցակէտին ազերպայճանցի բժիշկներու ներկայութեան հարցին, հաղորդած է. “Արդէն Կարմիր Խաչը մեր ծանր հիւանդները նստած վիճակի մէջ կը փոխադրէ Հայաստան, հիմա ալ ազերի բժիկները կը ստիպեն հիւանդները իջեցնել, որ իրենք ստուգումներ կատարեն։ Աւելի՛ն, անոնք ըսած են, թէ անհրաժեշտ պարագային պէտք է մերկացնեն զանոնք յաւելեալ քննութիւններու համար։ Կը պատկերացնէ՞ք ինչ անմարդկային կացութիւն կը տիրէ։ Կարմիր Խաչը ձեւով մը կրցած է զանոնք համոզել, որ այդ «գործընթացը» գոնէ տեսախցիկներու առջեւ չկատարուի…”։