Արցախի Ազգային ժողովի երեսփոխան Մետաքսէ Յակոբեան Ստեփանակերտէն կը հաղորդէ.
«Արցախի մէջ իրավիճակը օրհասական է. երթեւեկութեան միջոցները չեն բանիր, հացի փուռերուն առջեւ երկար շարքեր կան, կաթնամթերք անկարելի է գնել, թերեւս բնակչութեան մէկ-երկու տոկոսը անկէ կ՚օգտուի, հորթի, խոզի եւ գառնուկի միս այլեւս չկայ։ Բանջարեղէնի գիները շատ բարձր են, լոլիկը՝ 2000-2500 դրամ, սոխը՝ 1000-1700 դրամ եւ այլն, որ բնակչութեան մեծամասնութիւնը ի վիճակի չէ գնելու: Սա պահուս Արցախի մէջ աղիքային վարակի խնդիր կայ, հիւանդանոցները լեցուն են, բայց այնտեղ նուազագոյն բժշկական օգնութիւնը կը ցուցաբերուի, դեղորայք չկայ: Գիւղերէն քաղաք հիւանդներ բերելը շատ դժուար է, գիւղացիները կը խնդրեն ռուս խաղաղապահներէն որ ծանր հիւանդները ուղղաթիռով փոխադրեն, բայց դարձեալ մեծ օգնութիւն չեն կրնար ցուցաբերել»։
Ան ըսած է նաեւ որ քաղաքացիները հոգեբանական ծանր վիճակի մէջ կը գտնուին:
Երեսփոխանը ստեղծուած կացութեան մէջ բացի արտաքին թշնամիէն դատապարտած է նաեւ Հայաստանի եւ Արցախի իշխանութիւններուն կրաւորական կեցուածքը։
«Ես արդէն չեմ հաւատար, որ այս ամէնը թուլութեան կամ անհասկացողութեան հետեւանքով տեղի կ՚ունենայ։ Այսօր խաթարուած է պետութեան բնականոն աշխատանքը։ Մեր ներքին կեանքը ներկայիս չի կառավարուիր, իսկ մենք մեր ձեռքերը ծալած կը սպասենք հրաշքի, սակայն հրաշք տեղի պիտի չունենայ»,– նշած է Յակոսեան եւ աւելցուցած.
«Արցախի հարցը այս ձեւով փակելէ ետք, կարգը պիտի գայ Հայաստանին, նկատի ունենալով, որ Պրիւսէլի մէջ քննարկուած է Զանգեզուրի միջանցքի, գիւղերը յանձնելու եւ Ազերպայճանցիներու Հայաստան վերադարձի հարցերը, որոնք սակայն տարօրինակօրէն քննարկման առարկայ չեն»։