Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Ստեփանակերտի Վերածնունդի եւ Երեւանի Ազատութեան հրապարակներուն վրայ Յուլիս 25, ժամը 20-ին, միաժամանակ հանրահաւաքներ կը կայանան

«Համաժողովրդական շարժումի մասնակիցները մեծ պաստառներու վրայ առցանց կապով կը միացնեն երկու հրապարակները, միաւորելով հայ ժողովուրդի ձայնը՝ վերահաստատելու համար մեր միասնական պայքարը՝ յանուն Արցախի ապաշրջափակման եւ մարդասիրական աղէտի վերացման, յանուն Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքին»,– յայտարարած է Արցախի Պետական նախարար Գուրգէն Ներսիսեան։