Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Նախագահ Յարութիւնեան կը դադրեցնէ նստացոյցը

Յուլիս 26-ին, Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան Դիմագիրքի իր էջին գրառումով հաղորդած է, թէ  կը դադրեցնէ Յուլիս 17-էն ի վեր Վերածնունդի հրապարակին վրայ սկսած նստացոյցը, նկատի ունենալով ձեռք բերուած միջանկեալ արդիւնքներն ու հետագայ ընելիքները։

«Համարելով, որ իմ նստացոյցը, համաժողովրդական շարժումը եւ մնացեալ բոլոր ջանքերը արդէն որոշակի արդիւնք են ապահովել միջազգային ուշադրութիւնը հրաւիրելու եւ գործնական քայլերի մղելու առումով՝ որոշել եմ դադրեցնել նստացոյցը եւ շարունակել ջանքերս աշխատանքային արտակարգ եղանակով: Միեւնոյն ժամանակ, համաժողովրդական շարժումի մասնակիցները շարունակում են նստացոյցներն ու այլ քայլերը։  Ես պարբերաբար հանդիպումներ եմ ունենալու նրանց հետ եւ համատեղ քննարկելու ենք մեր անելիքները»,– գրած է ան։