Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Պաքու վերաձեւակերպած եւ Հայաստանէն Արցախ օգնութեան առաքումը անուանած է «ոտնձգութիւն»

Պաքու վերաձեւակերպած եւ Հայաստանէն Արցախ օգնութեան առաքումը անուանած է «ոտնձգութիւն»՝ Ազերպայճանի ինքնիշխան տարածքի նկատմամբ։ Ազերպայճանի Արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ «հայկական կողմէ Ազերպայճանի ինքնիշխան տարածք բեռնատարներ ղրկելը՝ մարդասիրական օգնութեան անուան տակ եւ առանց Պաքուի համաձայնութեան, ոտնձգութիւն է Ազերպայճանի հողային ամբողջականութեան, ինքնիշխանութեան եւ Լաչինի անցակէտին դէմ»։

«Երեւան չի կրնար մարսել Ազերպայճանի կողմէ իր սահմանները վերահսկելու եւ Հայաստանի գրգռութիւնները կանխելու նպատակով ստեղծուած Լաչինի սահմանային անցակէտին գոյութիւնը։ Այն փաստը, որ հայկական կողմը նման քայլի դիմած է Մոսկուայի մէջ կայացած բանակցութիւններէն անմիջապէս յետոյ, ուր, մասնաւորապէս, տեղի ունեցած է ստեղծուած իրավիճակի մանրամասն քննարկում, կը վկայէ, որ Հայաստան անկեղծ չէ այդ գործընթացին մէջ եւ, սրելով իրավիճակը, մտադիր է մոլորութեան մատնել միջազգային հանրութիւնը։ Բացի մարդասիրական գործունէութիւնը քաղաքականացնելէ, Հայաստանի այս քայլերը կը հակասին Ազերպայճանի ինքնիշխանութեան եւ հողային ամբողջականութեան ճանաչման մասին անոր յայտարարութիւններուն։ Վերոնշեալ արարքին՝ Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան առաքելութիւնը եւ դիւանագիտական կազմը իբրեւ գործիք ներգրաւելը կը փաստէ, որ այս բոլորը նախապէս ծրագրուած էր: Անգամ մը եւս կը պահանջենք դադրեցնել նմանատիպ գրգռութիւնները»,– նշուած է Ազերպայճանի Արտաքին գերատեսչութեան հրապարակած յայտարարութեան մէջ։

Նշենք, թէ նախորդ օրը (Յուլիս 26-ին) Ազերպայճանի սահմանային ծառայութիւնը Հայաստանի կողմէ օգնութեան առաքումը «գրգռութիւն» որակած էր։