Յուլիս 29-ին, Արցախի Ազգային ժողովի նախագահ Արթուր Թովմասեան հրաժարած է նախագահի պաշտօնէն, զոր կը վարէր 2020 Մայիս 21-էն ի վեր։
Այս կապակցութեամբ Ազգային ժողովի Արտաքին յարաբերութիւններու մնայուն յանձնաժողովի նախկին նախագահ Վահրամ Աթանէսեան հաղորդած է, թէ Թովմասեան առողջական լուրջ խնդիրներ ունի եւ բժիշկներու հսկողութեան տակ կը գտնուի։ «Առողջութիւն մաղթենք Արթուր Թովմասեանին, իսկ Արցախին՝ քաղաքական համերաշխութիւն եւ տոկունութիւն՝ յաղթահարելու ծանրագոյն փորձութիւնը եւ վերադառնալու բնականոն կեանքի»,– նշած է ան։