Հայաստանի մարդկային իրաւանց պաշտպան Անահիտ Մանասեան
Հայաստան բուժման նպատակով, Կարմիր խաչի միջոցով տեղափոխման ընթացքին Ազերպայճանցիներու առեւանգած եւ ձերբակալած Վագիֆ Խաչատրեանի նկատմամբ չկայ միջազգային հետախուզում, ինչպէս այդ քայլին որպէս դրդապատճառ ներկայացուցած էր Պաքու։ Այս մասին յայտարարած է Հայաստանի մարդկային իրաւանց պաշտպան Անահիտ Մանասեան։ Ըստ անոր՝ 68-ամեայ քաղաքացիի իրաւունքներուն ապօրինի միջամտութիւնը կոպիտ խախտում է միջազգային-իրաւական երաշխիքներու եւ չափանիշներու։
“Այդ մասին Ադրբեջանի դատախազութեան տարածած յայտարարութիւնը չի համապատասխանում իրականութեանը”,– նշած է Մանասեան։
Արցախի նախագահի խորհրդական Արտակ Բեգլարեան եւս յայտարարած է, որ Վագիֆ Խաչատրեանին դէմ ուղղուած Ազերպայճանի մեղադրանքները կեղծ են, քանի որ Մեշալի գիւղին մէջ այնպիսի յանցագործութիւն չէ կատարուած, ինչպէս կը նշէ Պաքու իր մեղադրականին մէջ։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։