Ուաշինկթընի նախաձեռնութեամբ, Օգոստոս 3-ի ուշ երեկոյեան գումարուած ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի նիստին, տասնեակ երկիրներու դիւանագէտներ համախմբուած էին՝ քննարկելու պատերազմական իրավիճակներու մէջ սովի բացառման, անվտանգութեան ապահովման ուղիները։ Դիւանագէտները նաեւ անդրադարձած են Արցախի մէջ տիրող մարդասիրական ճգնաժամին՝ յայտարարելով, որ Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէն չի կրնար կատարել իր մարդասիրական առաքելութիւնը, թէ խաղաղ բնակչութիւնը սովի մատնելը պատերազմական յանցագործութիւն է, որ պէտք չէ անպատիժ մնայ։
Բանախօսներուն ելոյթներու, մեղադրանքներու մեծ մասին հասցէատէրը Ռուսաստանն էր, որ անցեալ ամիս միակողմանիօրէն խզած է հացահատիկային գործարքը, որու հետեւանքով ուքրաինական պարէնի մատակարարումներէն զրկուած ափրիկեան տարածաշրջանին մէջ լուրջ խնդիրներ յառաջացած են։
Զուիցերիոյ եւ Ֆրանսայի ներկայացուցիչները Մոսկուայի քաղաքականութեան հետեւանքով սովի, զրկանքներու, տառապանքներու մասին խօսելու ընթացքին յիշած են նաեւ Արցախի մէջ շուրջ ութ ամիսէ ի վեր շարունակուող մարդասիրական ճգնաժամը, որ յառաջացած է Ազերպայճանի կողմէ Բերձորի միջանցքի փակման պատճառով։
Հայաստանի Արտաքին գործոց փոխնախարար Վահէ Գէորգեան ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի «Հակամարտութեան կացութեան մէջ պարէնային անվտանգութեան ապահովումը yv սովի բացառումը» նիւթին շուրջ քննարկումին ելոյթ ունենալով մասնաւորապէս նշած է.
Վահէ Գէորգեան
«Սովի մատնելը պատմութեան ընթացքին պարբերաբար օգտագործուած է իբրեւ պատերազմելու եւ ցեղասպանութեան ենթարկելու միջոց։ Կ՚ուզէի Խորհուրդի ուշադրութիւնը հրաւիրել այժմ Արցախի մէջ տիրող կացութեան վրայ, ուր մարդիկ չեն գիտեր, թէ արդեօք պիտի կարենա՞ն կաթ հայթայթել իրենց փոքրիկներուն, հացի կտոր մը՝ իրենց երախաներուն կամ դեղորայք գտնել ծանր հիւանդ հարազատներուն համար։
Նոյն այս պահուն Արցախի ժողովուրդը գոյութենական վտանգի առջեւ կը գտնուի, որ յառաջացած է Ազերպայճանի կիրարկած ամբողջական շրջափակման հետեւանքով: Եօթը ամիսէ աւելի է, որ Ազերպայճան փակած է Բերձորի միջանցքը՝ մարդասիրական կեանքի ուղին, որ Արցախը կը կապէ արտաքին աշխարհին։ Այս ապօրինի եւ անմարդկային արարքը Արդարադատութեան միջազգային ատեանի 2023 Փետրուար 22-ի որոշումին, միջազգային մարդասիրական իրաւունքի չափանիշերու եւ 2020 Նոյեմբեր 9-ի յայտարարութեան կոպիտ խախտում մըն է։ Յունիս 15-էն Ազերպայճանի կողմէ միջանցքի ամբողջական շրջափակման պատճառով ընդհատուած է սնունդի, դեղորայքի եւ այլ անհրաժեշտ ապրանքներու մատակարարումը՝ ստեղծելով ամբողջական մարդասիրական ճգնաժամ: Կազի եւ ելեկտրականութեան մատակարարման ընդհատումը խաթարած է երթեւեկութեան միջոցներու, առողջապահական եւ ընկերային համակարգերու աշխատանքը՝ խախտելով մարդոց հիմնական իրաւունքները:
Կենսանիւթերու եւ սննդեղէնի պակասի հետեւանքով 2.000 յղի կին, 30.000 երախայ, 20.000 ծերեր և 9.000 հաշմանդամներ կը տառապին ու կը փորձեն դիմանալ թերսնման եւ դեղորայքի բացակայութեան պայմաններու տակ: Ազերպայճան՝ շարունակաբար թիրախ կ՚ընտրէ գիւղատնտեսական աշխատանքներ կատարող խաղաղ բնակչութիւնը՝ ընդլայնելով զանոնք սովի մատնելու իր անթաքոյց մտադրութիւնը: Աւելին, քանի մը օր առաջ Պաքուի զինեալները առեւանգեցին Կարմիր Խաչի հիւանդատարով Հայաստան մեկնող 68-ամեայ Արցախցի Վագիֆ Խաչատրեանը…:
Մարդոց կենսական կարիքները բաւարարելու համար Հայաստանի կառավարութիւնը Յուլիս 26-ին որոշեց Արցախ ուղարկել շուրջ 360 թոն առաջին անհրաժեշտութեան ապրանքներ, սննդեղէն եւ դեղորայք: Սակայն մարդասիրական օգնութիւն փոխադրող բեռնակառքերը տակաւին Բերձորի միջանցքին մօտ կը սպասեն, քանի որ Ազերպայճան արգելք կը հանդիսանայ անոնց Արցախ մուտքին։
Արցախի մէջ ծանր վիճակի խորացումը եւ սովի տարածման վտանգը կը պահանջեն միջազգային հանրութեան միջամտութիւնը, որպէսզի յարգուին միջազգային մարդասիրական օրէնքները։
(…) Այս զանգուածային բռնութիւնը պէտք է արգիլուի եւ դադրեցուի։ Կոչ կ՚ուղղենք ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին ձեռնարկելու հրատապ միջոցներու՝ Ազերպայճանին պարտադրելու համար ՄԱԿ-ի ատեանի որոշումներու եւ միջազգային մարդասիրական օրէնքներու ամբողջական գործադրումը, անմիջապէս վերականգնելու ազատ տեղաշարժը Բերձորի միջանցքով եւ ապահովելու ՄԱԿ-ի գործակալութիւններու ու Կարմիր Խաչի մարդասիրական ներկայութիւնը Արցախի մէջ»:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։