Search
Close this search box.

ԱՒՍՏՐԻԱ – ԵԱՀԿ-ի Վիեննայի գրասենեակին դիմաց խաղաղ պահանջատիրական ցոյց՝ յաջակցութիւն Արցախի

Օգոստոս 3-ին, ԵԱՀԿ-ի Վիեննայի գրասենեակին դիմաց խաղաղ պահանջատիրական ցոյց կազմակերպուած է Արցախը Հայաստանին կապող միակ ճամբան բանալու, մարդասիրական ճգնաժամին վերջ տալու պահանջով։

Ցուցարարները միջազգային բոլոր կազմակերպութիւններուն կոչ յղած են պատիժներ կիրարկելու ընդդէմ Ազերպայճանի բռնապետութեան, ստիպել այդ երկիրը վերջ տալու անօրինական շրջափակման` այդպէսով կանխելով ահագնացող արհաւիրքը։ ԵԱՀԿ-ի Վիեննայի գրասենեակին պաշտօնապէս նամակ յանձնուած է համապատասխան պահանջներով եւ տեղեկութիւններով։

Անտեղեակ անցորդներուն ալ բաժնուած է Արցախի պատմութեան եւ Կեանքի ճանապարհին վերաբերեալ 400 տեղեկատու թերթիկ: