Search
Close this search box.

Արդեօք տակաւին իրաւական ուժ ունի՞ 2020 Նոյեմբեր 9-ի յայտարարութիւնը

Ազերպայճանի կողմէ առաջին օրէն ոտնահարուեցաւ 2020 Նոյեմբեր 9-ի յայտարարութիւնը։ Հազիւ Ազերպայճան ապահովեց հայկական կողմին այնտեղ արձանագրուած պարտաւորութիւններու գործադրումը՝ հողերու եւ գերիներու յանձնում, զինեալ ուժերու նահանջ, այդ համաձայնագիրը մեռեալ դարձաւ։ Ան ժխտելով այնտեղ արձանագրուած դրոյթները, շարունակեց ռազմական գործողութիւնները, պատերազմի սահմանային դիրքերը չպահպանեց, գաղթականներու հարցը չլուծեց, ռազմագերիներու վերադարձը մերժեց, Լաչինի միջանցքին դիմաց պահանջեց Սիւնիքի միջանցքը, մերժեց հաղորդակցութեան ուղիներու բացումը։

Հետագային, Արեւմուտքի եւ Ռուսաստանի կողմէ կազմակերպուած բոլոր բանակցութիւնները թէեւ յղում կը կատարէին այդ փաստաթուղթին՝ բայց կարծէք աւելի շեշտելու համար անոր անգործադրելիութիւնը, որովհետեւ բանակցող երկու կողմերէն Ազերպայճան առանց թաքցնելու կը ժխտէր անոր գլխաւոր դրոյթները կրաւորական մեղսակցութեամբ Արեւմուտքի եւ յաճախ ռուսական կողմի գործնական մեղսակցութեամբ, մասնաւորապէս սահմանային յարձակումներուն եւ Լաչինի միջանցքի անպաշտպանութեան պարագային։

Մէկ խօսքով, Ազերպայճան պատերազմը շարունակեց իւրաքանչիւր օր նոր յարձակումներ կազմակերպելով, հակառակ Լաչինի միջանցքի բացումը պահանջող միջազգային Ատեանի դատավճիռին, հակառակ մարդկային աղէտին, որ արդէն 9 ամիսէ ի վեր կը շարունակուի։ Այս ընթացքին ան հետապնդեց Սիւնիքի միջանցքը բանալու ռազմավարութիւնը, պահանջ մը, որ Նոյեմբեր 9-ի փաստաթուղթին վրայ չէ նշուած, եւ մշակեց «Արեւմտեան Զանգեզուր» յղացքը, որ կը միտի Արցախէն զատ Հայաստանի հողերը գրաւելու։ Եւ փաստօրէն Ազերպայճան գրաւեց Հայաստանի ինքնիշխան տարածքէն կտորներ, որոնք ներկայ դրութեամբ կը կազմեն շուրջ 250 քառ. քմ.։ 

Վերջին անցուդարձերը եւս կը վերահաստատեն բանակցութիւններու ընթացքին հնչած խաղաղութեան քօղին տակ՝ պատերազմական ռազմավարութիւնը շարունակելու Ազերպայճանի միտումը. Հայաստանէն Արցախ ղրկուած մարդասիրական օգնութիւնը փոխադրող 19 բեռնակառքերու Արցախ մուտքին՝ ինը օրէ ի վեր խոչընդոտումը Ազերիներու կողմէ, ինչպէս նաեւ Բերձորի սահմանէն անցնելու ընթացքին՝ միջազգային Կարմիր Խաչի կազմակերպութեան կառքէն 68-ամեայ հիւանդ Վագիֆ Խաչատրեանի առեւանգումը։ 

Այս հաստատումներէն ետք ինչո՞ւ տակաւին ապաւինիլ Նոյեմբեր 9-ի յայտարարութեան, ինչո՞ւ զայն ընդունիլ իբրեւ բանակցութեան վաւերաթուղթ։ Հայաստանի համար, հասկնալի է՝ պարտուած կողմը կը պահանջէ պայմանագրի կիրարկումը, որ անիմաստ դարձած փաստաթուղթ է Ազերպայճանի համար, եւ որուն կը հետաքրքրէ պատերազմին ձեռք ձգած աւարը աւելի ու աւելի մեծցնել, որուն դիմաց միջնորդ երկիրները կոյր կը ձեւանան։

Օգոստոս 1-ին Euronews լրասփիւռը զուգահեռաբար սփռեց Հայաստանի վարչապետին եւ Ազերպայճանի նախագահին հետ կատարուած հարցազրոյցները։ Հոն, Հայաստանի վարչապետը յիշեցուց, որ եռակողմ յայտարարութիւնը այն փաստաթուղթն է, որուն վրայ կայ ստորագրութիւնը երեք պետութիւններու ղեկավարներուն՝ Փութինի, Փաշինեանի եւ Ալիեւի։ Ան հետաքրքրական յայտարարութիւն մը եւս կատարեց,– որ բարեբախտաբար դիւանագիտական պատշաճութիւններէն անդին կ՚երթար,– ըսելով որ Հայաստանի կառավարութիւնը կատարած է «աուտիթ» մը (մասնագիտական քննութիւն) 44-օրեայ պատերազմէն ի վեր բոլոր այն համաձայնութիւններուն, որոնք ձեռք բերուած են Արեւմուտքի կամ Ռուսաստանի միջնորդութեամբ, եւ որոնք Ազերպայճանի կողմէ ոտնահարուած են, սակայն միջազգային միջնորդներու կողմէ հասցէական գնահատականի չեն արժանացած։ 

Ինչո՞ւ, ուրեմն, Ազերպայճան ստորագրեց Նոյեմբեր 9-ի հրադադարի համաձայնագիրը. միակ բացատրութիւնը՝ Ռուսաստանի գործօնն է, որուն հրահանգին Ազերպայճան չէր կրնար չենթարկուիլ։ Իսկ ներկայիս, մինչ ան Ուքրաինայի ցեխին մէջ խրուած է, Ազերպայճան՝ Թուրքիոյ օգնութեամբ առիւծ կտրած է։ Եւ այս կէտին յիշեցումը Հայաստանի վարչապետին կողմէ Euronews-ի հարցազրոյցի ընթացքին՝ սաստիկ հակազդեցութեան արժանացաւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովայի։    

Ժ.Չ.