Օգոստոս 6-ի երեկոյեան, Արցախի Հանրային հեռատեսիլին տուած հարցազրոյցին նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան յայտարարած է, թէ Հանրապետութեան մէջ կացութիւնը շատոնց արդէն անցած է մարդասիրական աղէտ հասկացութեան սահմանը եւ այսօր Ազերպայճանի ցեղասպան քաղաքականութեան ականատեսն ենք։
“Եթէ ձեւակերպելու լինենք՝ Արցախը մի մեծ համակենտրոնացման ճամբար է, որտեղ Ադրբեջանն իրականացնում է ցեղասպանութիւն։ Պատահական չէ, որ օրեր առաջ ես դիմել եմ Միջազգային քրէական դատարանի նախկին գլխաւոր դատախազ Լուիս Մորենօ Օքամփոյին՝ փորձագիտական կարծիք հայցելով։ Հիմա արդէն ունենք սկզբնական եզրակացութիւն, որ սա ցեղասպանութիւն է”,– նշած է երկրի ղեկավարը։
Անդրադառնալով ներկայի ծանր իրավիճակին, նախագահը ընդգծած է առողջապահութեան համակարգին մէջ դեղորայքի լուրջ պակասը` մանրամասնելով, որ արդէն կեանքը փրկող դեղատեսակներու սղութիւն կայ եւ շուտով ընդհանրապէս դեղեր պիտի չունենանք։
“Տարբեր ծանր հիւանդութիւնների բարդացման ու մահուան դէպքերի աճը շարունակւում է։ Օրինակ՝ արեան շրջանառութեան համակարգի հիւանդութիւններից մահուան դէպքերը առաջին կիսամեակում գրեթէ կրկնապատկուել են։ Խոցելի են յատկապէս յղիները, երեխաները, ծանր հիւանդութիւններ ունեցող անձինք, որոնց առողջական վիճակը վատթարանում է թերսնուցման, անձկութեան եւ այլ պատճառներով”,– ըսած է Յարութիւնեան։
Խօսելով սննդամթերքի մասին, նախագահը յիշեցուցած է, որ օրեր առաջ Արցախի Հանրապետութիւնը ինք յայտարարեց աղէտի գօտի՝ ակնկալելով, որ միջազգային հանրութիւնը մարդասիրական աջակցութիւն կը ցուցաբերէ, ինչպէս աղէտի ժամանակ կ՚օգնեն ամէնուն։ Հայաստան առաջինն էր, որ արձագանգեց այդ յայտարարութեան, սակայն մարդասիրական օգնութեան բեռնակառքերը օրերէ ի վեր կանգնած են Հակարիի կամուրջի մօտերը, որովհետեւ Ազերպայճան կ՚արգիլէ այդ առաջին անհրաժեշտութեան սննդամթերքի մուտքը՝ Արցախի Հանրապետութիւն։
Արայիկ Յարութիւնեանի համաձայն` տասնեակ հազարաւոր մարդոց, որոնք զրկուած են եկամուտի աղբիւրէ, պէտք է փոխհատուցում տրամադրուի։ Բացի ատկէ, շրջափակման հետեւանքով քայքայուած տնտեսութիւնը հետագային վերականգնելու համար տասնամեակներ հարկ պիտի ըլլան։ “Այսինքն՝ մենք, իրօք, ականատեսն ենք ցեղասպանութեան եւ այդ առումով քայլեր կը ծրագրենք”,– յայտնած է նախագահը։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։