Search
Close this search box.

Պաքուի նոր ջղագրգռութիւնը

 

Փաշինեանէն մինչեւ Վանեցեան ու Տօնոյեան…

Արեւմտեան Ազերպայճանի Համայնք յորջորջուող կազմակերպութիւնը՝ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի՝ Օգոստոս 11-ի յայտարարութիւնը (*) սապէս մեկնաբանած է.

«Հայաստանը երկիր մըն է, որ 30 տարի խոչընդոտ հանդիսացած է տարածաշրջանի խաղաղութեան, բռնագրաւման տակ պահած ազերպայճանական տարածքները, ցեղային զտումներ ու ցեղասպանութիւն գործած է Ազերպայճանցիներու նկատմամբ։

Ցաւօք, “ժողովրդավար” Նիկոլ Փաշինեանը շարունակած է իր նախորդներու քաղաքականութիւնը եւ Ազերպայճանի բռնագրաւուած տարածքներուն մէջ հնչեցուցած “Ղարաբաղը Հայաստան է եւ վերջ” յայտարարութեամբ ամբողջութեամբ տապալած է բանակցային գործընթացը։ Նիկոլ Փաշինեանին կը յիշեցնենք նաեւ, որ իր կողմէ նշանակուած Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան պետը (Արթուր Վանեցեան – խմբ.), որ հետագային եկած էր Հայրենական (44-oրեայ պատերազմ – խմբ․) պատերազմի ժամանակ Ազերպայճանի դէմ կռուելու եւ շուտով ամօթալի կերպով փախած Ղարաբաղէն, յայտարարած է “Ո՛չ մէկ թիզ հող Ազերպայճանին”, իսկ ինքզինք “հանճարեղ ռազմագէտ” կարծող Պաշտպանութեան նախկին նախարարն (Դաւիթ Տօնոյեան – խմբ․) ալ աւելի հեռուն երթալով Ազերպայճանին սպառնացած է “նոր տարածքներու դիմաց նոր պատերազմով”։ 

Արեւմտեան Ազերպայճանի համայնքը կը կարծէ, որ եթէ Հայաստանի վարչապետը իրապէս շահագրգռուած է խաղաղութեամբ, ապա ան, նախ պէտք է վերջ դնէ՝ “Պաքու-Ստեփանակերտ երկխօսութիւնը միջազգային գործիքակազմի  շրջանակին մէջ” երազային ու գրգռիչ գաղափարներուն:

Մենք՝ իբրեւ համայնք, վերոնշեալը կ՚ընկալենք որպէս Ազերպայճանի նկատմամբ Հայաստանի տարածքային պահանջներու շարունակութիւն, բայց այլ քօղի տակ։ Մեր կարծիքով “միջազգային գործիքակազմ” հեքիաթը կը նշանակէ նաեւ Հայաստանի կողմէ Ազերպայճանի տարածքային ամբողջականութեան պայմանական ճանաչում։ Կոչ կ՚ընենք Նիկոլ Փաշինեանին չմիջամտել Ազերպայճանի ներքին գործերուն, արհեստական տարբեր պատրուակներով չձգձգել խաղաղ բանակցութիւններու գործընթացը եւ երկխօսութիւն սկսիլ մեզի հետ՝ քննարկելու արեւմտեան Ազերպայճանցիներու վերադարձի հարցը»,– նշուած է կազմակերպութեան յայտարարութեան մէջ։

(*) – Վարչապետ Փաշինեան Օգոստոս 11-ին Պաքուին կոչ ըրած էր ձեռնպահ մնալու խաղաղութիւն հաստատելու պատմական կարելիութիւնը «զրոյացնելու» քայլերէ։