Ազերպայճանի պարտադրած՝ Արցախի ամբողջական պաշարման պատճառով, դեղորայքի եւ բժշկական պարագաներու սաստկացող տագնապին պատճառով, Առողջապահութեան նախարարութիւնը դիմած է Կարմիր Խաչին՝ երիկամներու տրամալուծման (dialyse) ենթարկուող հիւանդները Հայաստանի բժշկական կեդրոններ փոխադրելու համար, այլապէս դեղորայքը վերջանալէն շուրջ մէկ շաբաթ ետք այդ հիւանդները պիտի մահանան:
Նախարարութիւնը յայտարարած է, որ կան այդպիսի 41 հիւանդներ, որոնցմէ 19-ը վերջին օրերուն փոխադրուեցան Հայաստան՝ Կարմիր Խաչին կողմէ, իսկ 10 ուրիշներ ալ շուտով պիտի փոխադրուին: Թէեւ բոլորին առաջարկուած է երթալ Հայաստան, սակայն 41 հիւանդներէն 12-ը մերժած են դուրս ելլել Արցախէն:
“Ես պառկած հիւանդ եմ, խնամակալ ունեմ տանը: Ես էլ եմ ուզում ապրել, ինձ նմաններն էլ են ուզում ապրել: Խնդրում եմ աշխարհին օգնել Ղարաբաղցիներին, օգնել դիալիզ ստացող եւ այլ ծանր հիւանդներին ոտքի կանգնել: Ես այս դրութեամբ չեմ կարող գնալ Երեւան բուժման նպատակով, որովհետեւ ես ուզում եմ գամուած սայլակին մեռնել Արցախում եւ թաղուել իմ գերեզմանոցում”,– նշած է 64-ամեայ Վերա Յովսէփեան, որ շաքարախտի պատճառով կորսնցուցած է տեսողութիւնը, չի կրնար քալել եւ հինգ տարիէ ի վեր կ՚ենթարկուի երիկամներու տրամալուծման:
Միւս կողմէ, Արցախի Ասկերանի շրջանին մէջ յայտնաբերուած են ափրիկեան ժանտախտի երկու օճախներ: «Արմէնփրէս»-ի հետ զրոյցին, այս մասին հաղորդած է Արցախի Գիւղատնտեսութեան նախարարութեան անասնաբուժութեան վարչութեան պետ Ռադիկ Գէորգեան՝ մանրամասնելով, որ սա պահուս յայտնաբերուած եւ անարիւն եղանակով ոչնչացուած է 55 գլուխ խոզ՝ մօտաւորապէս 2900 քիլոկրամ ծանրութեամբ: Ան աւելցուցած է, որ այժմ զգոյշ կը հետեւին, որպէսզի կարելի ըլլայ կանխել վարակին տարածումը:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։