Օգոստոս 19-ին, Ազերպայճանցի ահաբեկիչները կրկին թիրախ ընտրած են Հայաստանի Կապանի «Սիւնիք» քաղաքացիական օդակայանը։ X-ի իր հաշիւին գրառումով լուրը հաղորդած է Հայաստանի վարչապետի աշխատակազմի «Հանրային կապերու եւ տեղեկութեան կեդրոն»-ի տնօրէն Գոռ Ծառուկեան։
«Անվտանգութեան աշխատակիցները անմիջապէս հիւրերը հեռացուցած են տարածքէն։ Նման ահաբեկչական գործողութիւնները վտանգի կ՚ենթարկեն անմեղ կեանքերն ու կայունութիւնը»,– կը գրէ ան։
Նշենք, թէ հակառակ յարձակումին, Զուարթնոց»-էն ժամանած հիւրերուն օդանաւը յաջողութեամբ վայրէջք կատարած է «Սիւնիք» օդակայանը։ Օդանաւին մէջ էին վարչապետի աշխատակազմի ղեկավար Արայիկ Յարութիւնեան, Ապահովութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան, փոխնախարարներ, քաղաքացիներ, որոնք Կապանի օրուան առիթով եկած էին մասնակցելու տօնական հանդիսութիւններուն։
Աւելցնենք, թէ երկու օր առաջ ալ՝ վարչապետի օդակայան այցէն քանի մը ժամ ետք, ազերպայճանական կողմէն անծանօթներ կառքով եկած էին օդակայանի տարածքը եւ երեք անգամ կրակելէ ետք, հեռացած։ Փամփուշտներէն երկուքը վնասած էին օդակայանի պատուհաններէն մէկուն եւ տանիքին։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։