Search
Close this search box.

ԴԱՆԻԱ – Գոփընհակընի Հայերուն բողոքի ցոյցը՝ ի պաշտպանութիւն Արցախի

Դանիոյ մայրաքաղաք Գոփընհակընի խումբ մը Հայեր բողոքի ցոյց կատարած են՝ ի պաշտպանութիւն Արցախի։ Անոնք պարզած են Արցախի դրօշը եւ Արցախցի երախաներուն լուսանկարները։

Ցուցարարները պահանջած են  միջազգային կառոյցներէն՝ հակադարձել Ազերպայճանի ապօրինի գործողութիւններուն եւ վերջինիս պարտադրել բանալ Արցախի կեանքի ճանապարհը։