Search
Close this search box.

Դաւիթ Բաբայեան. «Ակնայի ճամբան չի կրնար փոխարինել Բերձորի միջանցքը, փոխարինելուն պէս Արցախի վերջը պիտի գայ» 

 

Հայկական մամուլին մէջ հրատարակուած լուրերուն համաձայն՝ Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան՝ Օգոստոս 22-ին տեղի ունեցած Անվտանգութեան խորհուրդի նիստին տեղեկացուցած է իր որոշումին՝ Ակնայի (Աղդամ) ճամբով մասնակիօրէն առեւտուր ընելու մասին, եւ թէ այնտեղէն Արցախին պիտի մատակարարուի շինանիւթ, տիէզէլ վառելիք, դեղորայք, իսկ սնունդը պիտի ներածուի Բերձորի միջանցքով՝ ռուս խաղաղապահներու միջոցով։

Արայիկ Յարութիւնեանի խորհրդական Դաւիթ Բաբայեան Tert.am-ի հետ զրոյցին այս կապակցութեամբ յայտնած է, որ ինք չէ մասնակցած Անվտանգութեան խորհուրդի նիստին, հետեւաբար, տեղեակ չէ, թէ օրակարգին վրայ ինչ հարցեր քննարկուած են։

Ան միաժամանակ նշած է, թէ բազմիցս յայտարարուած է, որ Ակնայի ճամբան չի կրնար փոխարինել Բերձորի միջանցքը եւ թէ ան քաղաքական, իրաւական կարգավիճակ ունեցող տարածք մըն է, ուր մարդոց եւ բեռնակառքերու մուտքը պէտք է ըստ Նոյեմբեր 9-ի յայտարարության ապահովէ Ռուսաստան։

“Հիմա, եթէ Ակնայի ճամբան փոխարինուի Բերձորի միջանցքով, կը պատկերացնէ՞ք՝ ի՛նչ հետեւանքներ պիտի ունենայ։ Հետագային ինչ-ինչ պատճառներով թերեւս գործարկուի Ակնայի ճանապարհը, բայց ան չի կրնար փոխարինել Բերձորի միջանցքը, քանի որ փոխարինելուն պէս Արցախի վերջը պիտի գայ։ Արցախը պիտի կտրուի արտաքին աշխարհէն եւ Հայաստանէն”,– համոզում յայտնած է Բաբայեան։

Ակնայի ճամբուն բացման զուգահեռ նաեւ կը շրջին լուրեր, թէ յառաջիկայ օրերուն ազերպայճանական Բարդա քաղաքին մէջ կը սպասուի հանդիպում մը՝ Արցախի մերձիշխանական խումբին եւ ազերպայճանական կողմի ներկայացուցիչներու միջեւ։  Այս հարցին վերաբերեալ ալ Բաբայեան ըսած է, թէ տեղեակ չէ, եւ թէ իրենք դէմ չեն հանդիպումներուն, բայց կարեւորը ձեւաչափն է ու քննարկուող նիւթը։

“Եթէ Ազերպայճան այդ կը դիտարկէ իբրեւ ներազերպայճանական երկխօսութիւն, մեզի համար ընդունելի չէ։ Մենք իրենց հետ պատրաստ ենք մարդասիրական հարցեր քննարկելու։ Եթէ սկսին վերահամարկումի կամ Արցախի պետականութիւնը լուծարելու հարցերը քննարկելու, ապա աւելի լաւ պիտի ըլլայ այստեղէն դուրս ելլել, քան թէ մնալ իրենց տարածքին մէջ։ Ոեւէ ողջմիտ մէկուն համար այս քայլը աւելի ընդունելի է։ Այլընտրանքը սա է, թող ո՛չ ոք ամբոխավարութեամբ զբաղի”,– ընդգծած է ան, աւելցնելով.

“Արցախը հիմա երկու  ճանապարհ ունի․ կամ կը պայքարինք կամ կը մեկնինք Արցախէն”։