Ազերպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւ կրկին հակահայկական մոլուցքի մէջ է։ Ան X-ի իր հաշիւին գրած է. «ԱՄՆ-ու եւ Եւրոպայի մէջ հայամէտ քաղաքական գործիչներու դէմ պէտք է հետաքննութիւն կատարուի»։
Միջազգային մասշտաբով կաշառակեր բռնապետ Ալիեւի օգնականը հրապարակած է The New York Post-էն հատուած մը, ուր նշուած է «ԱՄՆ-ու ծերակուտական Պոպ Մենենտեսի հայ կնոջ (իբրեւ թէ) իրաւախախտում կատարելուն մասին»։
«Դրամը ամէն ինչ կ՚որոշէ: ԱՄՆ-ու եւ Եւրոպայի հակաազերպայճանական, հայամէտ բոլոր քարոզիչներն ու քաղաքական գործիչները պէտք է ենթարկուին հետաքննութեան»,– գրած է ան:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։