Ֆրանսայի շարք մը քաղաքներու եւ շրջաններու կողմէ Արցախի համար ուղարկուած մարդասիրական ապրանքները փոխադրուած են Գորիսի եւ շրջակայ գիւղերու պահեստներուն մէջ՝ նկատի ունենալով, որ բեռները ունին պահպանման ժամկէտերու հետ կապուած յատուկ պահանջներ։
Այս կապակցութեամբ՝ Հայաստանի կառավարութեան ներկայացուցիչ Վարդան Սարգսեան «Արմէնփրէս»-ի հետ զրոյցին յայտնած է, թէ Ֆրանսայի կողմէ ուղարկուած աւելի քան 50 թոն մարդասիրական օգնութիւնը, դժբախտաբար Ազերպայճանի ոչ-շինիչ կեցուածքին եւ Բերձորի միջանցքի ապօրինի փակման հետեւանքով առայժմ կարելի չէ Արցախ փոխադրել։ Նկատի ունենալով, որ այդ ապրանքները՝ պարէնամթերքը, մանկական սնունդը եւ առաջին անհրաժեշտութեան պարագաները պահպանման ժամկէտերու հետ կապուած յատուկ պահանջներ ունին, բեռները փոխադրուած են Գորիսի եւ շրջակայ գիւղերու պահեստներուն մէջ, որպէսզի առաջին իսկ կարելիութեան ղրկուին Արցախ:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։