Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսի Թեհրանի մէջ Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանի հետ հանդիպումին յայտնած է, որ անհրաժեշտ է հակազդել ընդհանրապէս տարբեր տարածաշրջաններու եւ յատկապէս Կովկասի մէջ օտար պետութիւններու ներկայութեան:
ԻՐՆԱ լրատու գործակալութեան համաձայն՝ Իրանի նախագահը այս շրջածիրին մէջ ընդգծած է տարածաշրջանային պետութիւններու միջեւ խնդիրները երկխօսութեան եւ համագործակցութեան միջոցով լուծելու անհրաժեշտութիւնը:
Անդրադառնալով տարածաշրջանի անվտանգութեան հարցերուն՝ Ռայիսի ահաբեկչութեան դէմ պայքարի ամէնէն արդիւնաւէտ միջոցը համարած է շրջանի բոլոր երկիրներու ազգային ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան նկատմամբ յարգանքը՝ աւելցնելով, թէ ահաբեկչական եւ վտանգաւոր գործողութիւնները կանխելու լաւագոյն միջոցը այն է, որ որեւէ կառավարութիւն կարենայ հակակշռել իր տարածքներու ազգային ինքնիշխանութիւնը։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։