Սեպտեմբեր 5-ին, ԱՄՆ-ու Արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բանբեր Վետանթ Փաթել լրագրողներու հետ ասուլիսին յայտարարած է, թէ Ուաշինկթըն մտահոգ է Արցախի մարդասիրական իրավիճակի վատթարացումով՝ շարունակուող շրջափակման հետեւանքով։
“ԱՄՆ վերջին քանի մը շաբաթներու ընթացքին շարունակաբար կ՚աշխատի կողմերուն հետ, որպէսզի ապահովուի մարդասիրական օգնութեան առաքումը Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան, եւ մենք կը կրկնենք մեր կոչը՝ անյապաղ վերաբանալու Լաչինի միջանցքը մարդասիրական, առեւտրային եւ ուղեւորներու փոխադրութեան համար”,– ընդգծած է ան։ ■
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։