Հայաստանի մնայուն բնակչութիւնը 2022-ին կազմած է 2 միլիոն 932 հազար 731 հոգի: Մինչդեռ 2021-ին այդ թիւը 3 միլիոն 018 հազար 854 էր, իսկ 2020-ին՝ 3 միլիոն 213 հազար 011:
Այդ մասին կը վկայեն 2022 Հոկտեմբերին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած մարդահամարի սկզբնական տուեալները, հրապարակուած՝ վիճակագրական յանձնաժողովին կողմէ։
Նշենք, թէ մնայուն բնակչութեան թիւը կը ներառէ Հայաստանի մէջ բնակող եւ հաշուառման պահուն ներկայ ու առժամեայ բացակայ բնակչութեան թիւին ցուցանիշերու հանրագումարը: ■
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։