Ազերպայճանի՝ Կարմիր մահիկի բեռնակառքերով Արցախի ժողովուրդին ուղարկած «մարդասիրական» ապրանքներու Արցախ մուտքը արգիլելու համար՝ Ակնայ-Ասկերան ճամբան կը շարունակէ փակ պահուիլ Արցախցիներու կողմէ։ Վերջիններս «Արցախփրէս»-ի հետ զրոյցին հաւաստած են, որ դիմադրութիւնը կը շարունակուի: Անոնք կը պայքարին, որ Ազերպայճանի ուղարկած որեւէ մարդասիրական օգնութիւն մուտք չգործէ Արցախ:
«Սա պահուս հերթով կը հսկենք, որպէսզի ժամանակ ունենանք երթալու փուռերու առջեւ շարքի կենալու՝ օրուան ցամաք հացը գնելու համար։ Կը դիմանանք նաեւ եղանակային անբարենպաստ պայմաններուն, կարեւորը այն է, որ մեր թշնամիին կողմէ ուղարկուած ո՛չ մէկ օգնութիւն եւ ո՛չ մէկ ապրանք մուտք գործէ Արցախ, հակառակ պարագային մենք դաւաճանած կ՚ըլլանք մեր մարտիրոս եղբայրներուն»,– ըսած է Ակնայ-Ասկերան ճամբուն վրայ պահակութիւն ընող Արցախցիներէն մէկը։ ■
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։