Search
Close this search box.

Ազերպայճան չյարգելով համաձայնութիւնը թոյլ չէ տուած Բերձորով Հայաստանի տարածքէն բեռներու փոխադրութիւնը

 

Արցախի «Ապահովութեան եւ զարգացման ճակատ» հանրային շարժումին հաղորդագրութիւնը

Արցախի «Ապահովութեան եւ զարգացման ճակատ» հանրային շարժումէն կը հաղորդեն, թէ այլեւս կարելի է փաստել, որ Ազերպայճան կրկին անգամ կը մերժէ յարգել գոյացած համաձայնագիր մը եւ դրժելով Արցախի իշխանութիւններու՝ Ռուսաստանէն Կարմիր Խաչի մարդասիրական բեռներու՝ Ակնայ–Ստեփանակերտ ճանապարհով փոխադրութիւնը արտօնող  համաձայնութեան դիմաց՝ թոյլ չէ տուած Բերձորի միջանցքով՝ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքէն մարդասիրական բեռներու փոխադրութիւն։

«Ազերպայճանի իշխանութիւնները նմանատիպ կեցուածքով կ՚արհամարհեն հիմնախնդրի լուծման միջազգային դերակատարներու բոլոր ջանքերը։

Միւս կողմէ, տարակուսելի է, որ Ռուսաստան՝ իբրեւ համաձայնագրերու կողմ եւ 2020-ի եռակողմ յայտարարութեան դրոյթներու գործադրման երաշխաւոր, տեղի կու տայ Ազերպայճանի յաջորդական գրգռութեան։

Այս դժուար պահուն մեր հայրենակիցներուն կոչ կ՚ընենք համախմբուելու եւ իրենց կարելին ընելու Արցախը փրկելու համար։ Ամբողջական շրջափակման, խոր մարդասիրական ճգնաժամին եւ Ազերպայճանի կողմէ գոյատեւման սպառնալիքներու պայմաններուն տակ Արցախի Հայութեան պահպանման կարեւորագոյն գրաւականը եղած է ու կը մնայ Արցախահայութեան անսասան փափաքը՝ ապրելու իր հայրենիքին մէջ եւ որեւէ գինով պաշտպանելու զայն»,– մասնաւորապէս նշուած է Շարժումի հաղորդագրութեան մէջ։