Սեպտեմբեր 13-ին, Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունած է Ֆրանսայի դեսպան Օլիվիէ Տըքոթինյին։
Դեսպանին մաղթելով արդիւնաւոր առաքելութիւն՝ Կաթողիկոսը անդրադարձած է երկու երկիրներու միջեւ հաստատուած ջերմ յարաբերութիւններուն եւ համագործակցութեան։ Ան գոհունակութեամբ ընդգծած է, որ ֆրանքեւհայկական բարեկամական կապերու զարգացման գործին մէջ իր ներդրումը ունի նաեւ Ֆրանսայի հայկական համայնքը։
Անդրադառնալով տարածաշրջանին մէջ ստեղծուած ծանր կացութեան, Կաթողիկոսը իր երախտագիտութիւնը յայտնած է Ֆրանսայի իշխանութիւններուն՝ Հայաստանի ու Արցախի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներու յաղթահարման հոլովոյթին մէջ ցուցաբերուող աջակցութեան եւ զօրակցութեան համար:
Իր կարգին դեսպանը հաստատած է, որ Ֆրանսա կը շարունակէ տարբեր բնագաւառներու մէջ բազմակողմանի աջակցութիւն ցուցաբերել Հայաստանին եւ ջանքեր գործադրել Արցախին մարդասիրական օգնութիւն եւ ապահովութեան երաշխիքներ տրամադրելու ուղղութեամբ։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։