Սեպտեմբեր 13-ին, Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Սամուէլ Շահրամանեան այցելած է Պաշտպանութեան նախարարութիւն եւ խորհրդակցած՝ ուժային կառոյցներու ղեկավար կազմին հետ։
Խորհրդակցութեան ընթացքին քննարկուած են տարածաշրջանին մէջ ձեւաւորուած ռազմաքաղաքական կացութեան եւ Ազերպայճանի զինեալ ուժերուն՝ Սեպտեմբեր 5-էն կատարուող տեղաշարժերուն եւ կուտակումներուն առնչուող հարցեր։
Յատկապէս ընդգծուած են մարդասիրական ճգնաժամի պայմաններուն տակ եւ իրադրութեան կարելի զարգացումներու պարագային խաղաղ բնակչութեան անվտանգութեան ապահովման հարցը, ինչպէս նաեւ առկայ իրավիճակին մէջ Հանրապետութեան պաշտպանական գերատեսչութեան խնդիրները։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։