Երասխի մետաղագործութեան գործատունը,– որու ուղղութեամբ Ազերպայճանցիները յաճախ կը կրակեն,– կը փոխադրուի այլ վայր մը։ Լուրը կը հաղորդէ Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան դէտերու առաքելութիւնը, X-ի իր հաշիւին կատարած գրառումով։ Դէտերը կը նշեն, թէ իրենք կը նպաստեն գործատան սարքերու ապահով փոխադրութեան աշխատանքներուն։
Յիշեցնենք, որ օրին ԱՄՆ-ու դրօշակը պարզուած էր գործատան տարածքին՝ կանխելու համար Ազերպայճանցիներու կրակոցը, սակայն այդ քայլը որեւէ կերպով չէր ազդած հակառակորդի յարձակողական վարքագծին վրայ։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։