Search
Close this search box.

Պաշարուած Արցախ. Մանկապարտէզի ճաշացանկին վրայ՝ միայն կէս գաւաթ թէյ…

Հացի բացակայութիւնը արդէն անլուծելի խնդիր դարձած է նաեւ Ստեփանակերտի մէջ գործող Հադրութի «Դիզակ» մանկապարտէզին համար: Արցախի հանրային հեռատեսիլի տեսանիւթին համաձայն՝ մանկապարտէզի ճաշացանկը խիստ կրճատուած է: Այսօր ընդամէնը կէս գաւաթ կիսաքաղցր թէյ կրցած են առաջարկել փոքրիկներուն: Ի դէպ, մանկապարտէզ յաճախող երախաներու թիւն ալ՝ կտրուկ նուազած է: Հիմնական պատճառը՝ երթեւեկի միջոցներու չգոյութիւնն է:

Երախաները չեն ուզեր մանկապարտէզը փակուի. հոն լաւ ժամանակ կ՚անցընեն։ Բայց մանկապարտէզի սնունդը ամբողջութեամբ վերջացած է, նոյնիսկ հաց չեն կրնար ձեռք բերել։ Վերջին մէկ ամսուան հացը մանկապարտէզին մէջ կը պատրաստէին՝ իրենց ունեցած մէկ պարկ ալիւրով։ Այսօր այդ ալ չունին…։