Սեպտեմբեր 18-ին, Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Սամուէլ Շահրամանեանի ստորագրած հրամանագրով՝ Արթուր Յարութիւնեան Պետական նախարար նշանակուած է (ենթական նախկին նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի եղբայրն է):
Նախագահական մէկ այլ հրամանագրով Պետական նախարարը պիտի համակարգէ Առողջապահութեան, Արդարադատութեան, Գիւղատնտեսութեան, Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի, Ընկերային զարգացման, Տարածքային կառավարման եւ ենթակառոցներու, Քաղաքաշինութեան եւ Ելեւմուտքի ու տնտեսութեան նախարարներու գործունէութիւնը։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։