UNESCO-ն ընկերային ցանցերու իր էջերէն ջնջած է «Քոչարի»-ի՝ ազերպայճшնական պատկանելիութեան մասին կեղծ տեղեկատւութիւնը:
Նախապէս, կազմակերպութիւնը X-ի (նախկին Թուիթըր) իր հաշիւին եւ ընկերային այլ ցանցերու վրայ «Քոչարի»-ն ներկայացուցած էր որպէս ազերպայճանական «Եալլի» պար, սակայն հայ օգտատէրերու բազմաթիւ բողոքներէն յետոյ հրապարակումը ջնջուած է։
Կայքագրող (blogueur), հաղորդավար, գրող Ռուբէն Եսայեան ինսթակրամեան իր էջին կոչ ըրած է բոլոր հետեւորդներուն՝ այս հարցով գրոհելու UNESCO-ի ընկերային ցանցերու էջերը, իսկ այնուհետեւ ալ յայտնած, որ հրապարակումը ջնջուած է Կազմակերպութեան թէ՛ ինսթակրամեան, թէ՛ ալ Դիմագիրքի հարթակներէն։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։