Search
Close this search box.

Ստեփանակերտ կը հաղորդէ խաղաղ բնակիչներու մէջ զոհերու եւ վիրաւորներու մասին

 

Արցախի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը առաջին առիթով կը հաղորդէր, թէ ազերպայճանական յարձակման հետեւանքով՝ խաղաղ բնակիչներու շրջանակին մէջ կան բազմաթիւ զոհեր եւ վիրաւորներ, ի շարս որոնց՝ երախաներ։

Ըստ Արցախի արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան՝ ներկայի տուեալներուն համաձայն՝ կայ առնուազն 2 մեռեալ, մէկը՝ երախայ, եւ 23 վիրաւոր, որոնց մէջ՝  առնուազն 8 երախայ։

Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմին հրապարակած հաղորդագրութիւնը

Իսկ Արցախի Հանրապետութեան նախագահին աշխատակազմը հրապարակած է հետեւեալ հաղորդագրութիւնը.

«Ադրբեջանի գործողութիւնները ոչ այլ ինչ են, քան ցեղային զտման եւ ցեղասպան քաղաքականութիւն, եւ այն իրականացնելով, Բաքուն շահարկում է մարդասիրական միջանցքի եւ մարդասիրութեան այլ կեղծ օրակարգեր։

Կրկին անգամ խախտելով 2020 թ. Նոյեմբերի 9-ի եռակողմ յայտարարութիւնը՝ Ադրբեջանը Սեպտեմբեր 19-ին լայնամասշտաբ ռազմական գործողութիւններ է սկսել Արցախի Հանրապետութեան նկատմամբ՝ թիրախաւորելով նաեւ քաղաքացիական կառոյցներն ու խաղաղ բնակչությիւնը, ինչի հետեւանքով կան զոհեր եւ վիրաւորներ, այդ թւում՝ կանայք, տարեցներ եւ երեխաներ:

Հաշուի առնելով հազարաւոր մարդկանց կեանքին ու առողջութեանը սպառնացող վտանգը՝ Ստեփանակերտը կոչ է անում միջազգային դերակատարներին եւ շահագրգիռ բոլոր կողմերին անյապաղ ձեռնարկել անհրաժեշտ բոլոր միջոցները՝ Արցախի նկատմամբ յարձակումը դադարեցնելու ուղղութեամբ:

Արցախի Հանրապետութիւնը միշտ եղել է խաղաղ կարգաւորման կողմնակից եւ վերահաստատում է իր պատրաստակամութիւնը՝ բոլոր հարցերի լուծումը տալ բանակցութիւնների միջոցով»,– ընդգծուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Կը տեղեկանանք, թէ նախագահ Սամուէլ Շահրամանեան անմիջապէս Ապահովութեան խորհուրդի նիստ գումարած է եւ քննարկած ստեղծուած իրավիճակն ու հետագայ ընելիքները։