Արցախի վրայ ազերպայճանական յարձակման առթիւ՝ Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութիւնը.
«Ո՛չ մէկ հիմնաւորում կրնայ արդարացնել այդպիսի միակողմանի գործողութիւնները, որոնք ոչ միայն կը սպառնան արդէն ամիսներէ ի վեր ապօրինի շրջափակումներէ տուժող հազարաւոր քաղաքացիներու, այլ նաեւ կը հակասեն միջազգային հանրութեան ջանքերուն՝ բանակցութեան միջոցով լուծելու հակամարտութիւնը:
Ֆրանսա կոչ կ՚ուղղէ Ազերպայճանին անյապաղ դադրեցնելու յարձակումը եւ յարգելու միջազգային իրաւունքի պահանջները։
Լեռնային Ղարաբաղի խաղաղ բնակչութեան ճակատագրին համար Պաքու առանձնապէս կը կրէ ամբողջ պատասխանատւութիւնը։
Ֆրանսա կոչ կ՚ուղղէ շտապ կերպով ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի նիստ գումարելու։ Փարիզ սերտօրէն կը համագործակցի եւրոպացի եւ ամերիկացի իր պաշտօնակիցներուն հետ՝ այս անընդունելի յարձակումին վճռական պատասխան ապահովելու համար՝ քանի որ տարածաշրջանի ապահովութիւնը վտանգի տակ կը գտնուի»։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։