Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Գեղամ Ստեփանեան. «Ստեփանակերտի փողոցները լեցուած են տեղահանուած քաղաքացիներով, որոնք անօթի են, վախցած եւ անորոշութեան մէջ»

Արցախի Մարդկային իրաւանց պաշտպան (ՄԻՊ) Գեղամ Ստեփանեան կը հաղորդէ.

«Ստեփանակերտի փողոցները լեցուած են տեղահանուած քաղաքացիներով, որոնք անօթի են, վախցած եւ անորոշութեան մէջ։

Մարդիկ յուսահատ կը փնտռեն իրենց հարազատները՝ հեռաձայնելով Արցախի ՄԻՊ-ի գրասենեակը՝ իրենց հարազատներու մասին նորութիւն իմանալու յոյսով»: