Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Ստեփանակերտի մէջ մարդիկ հերոսներու յուշատախտակին վրայէն կը հանեն իրենց զոհուած հարազատներուն նկարները

 

Ընկերային ցանցերը Ստեփանակերտէն լուսանկարներ հրապարակած են, ուր կ՚երեւին մարդիկ, որոնք Վերածնունդի հրապարակը տեղադրուած յուշատախտակին վրայէն սկսած են հանել 44-օրեայ պատերազմին զոհուած իրենց հարազատներուն նկարները: Ժողովուրդը մտավախութիւն ունի, որ Ազերպայճանցիները կը պղծեն հերոսներուն պատկերները, եթէ յանկարծ մուտք գործեն այնտեղ։