Search
Close this search box.

Սամուէլ Բաբայեան արդէն Հայաստան կը գտնուի, իսկ Վիտալի Բալասանեան պիտի չլքէ իր ծննդավայրը

Սամուէլ Բաբայեան

Վիտալի Բալասանեան

Արցախի վերջին իրադարձութիւններու առնչութեամբ, 24News կապ հաստատած է Արցախի Անվտանգութեան խորհուրդի նախկին քարտուղար, «Միասնական հայրենիք» կուսակցութեան նախագահ Սամուէլ Բաբայեանի հետ, սակայն վերջինս նշած է, որ արդէն Հայաստան կը գտնուի։

 «Ես արդէն կրկին Երեւան կը գտնուիմ»,– ըսած է ան եւ որեւէ այլ հարցումի չէ պատասխանած՝ նշելով, թէ աւելի ուշ հանդէս կու գայ հարցազրոյցով:

Միւս կողմէ, Անվտանգութեան խորհուրդի մէկ այլ նախկին քարտուղար՝ Վիտալի Բալասանեան յայտնած է, թէ պիտի չլքէ իր ծննդավայրը։

«Արցախում ծնուել եմ 1959-ին, Ասկերանի «Դանիէլեան» փողոցը։ Հիմա էլ այստեղ եմ ապրում եւ շարունակելու եմ ապրել»,– նշած է Արցախի հերոսը։

Ինչ կը վերաբերի Արցախը լքող զինուորականներուն, նախկին պաշտօնատարներուն եւ պարզ քաղաքացիներուն, Բալասանեան ըսած է․

«Հիմա չխօսենք դրա մասին, ամէն մարդ թող ինքը որոշի։ Գնացողը գնում է, մնացողը՝ մնում։ Ամէն մարդ ինքն է որոշում իր ապրելու վայրը։ Իւրաքանչիւրի որոշումը պէտք է յարգել»։