Search
Close this search box.

Բալասանեան կը հերքէ իր ձերբակալման մասին լուրերը ու կ՚աւելցնէ. «Ասկերանում եմ, հասցէս գրէք»

 

Արցախի անվտանգութեան խորհուրդի նախկին քարտուղար Վիտալի Բալասանեան Tert.am-ի հետ զրոյցին հերքած է շրջան ընող լուրերը, որ իբրև թէ ազերպայճանական կողմը զինք ձերբակալած է Հակարիի կամուրջը անցնելու ատեն։

«Ես Արցախում եմ, ուրեմն՝ հասցէս գրէք՝  քաղաք Ասկերան, Դանիէլեան փողոց 29։ Ես այստեղ եմ, Արցախից չեմ էլ փորձել դուրս գալ»,– ըսած է ան,  դարձեալ պնդելով, որ չի պատրաստուիր Արցախէն հեռանալու։

Նախապէս, Արման Թաթոյեան Դիմագիրքի իր էջին գրած էր, թէ ազերպայճшնական աղբիւրներու համաձայն՝ Հակարիի կամուրջին մօտ Ազերիները ձերբակալած են Վիտալի Բալասանեանը։