Սեպտեմբեր 28-ին, Հայաստան՝ Արցախի հայ բնակչութեան նկատմամբ ցեղային խտրականութեան բոլոր ձեւերու վերացման վերաբերեալ միջազգային համաձայնագրի ենթադրեալ խախտումի հարցով Ազերպայճանի դէմ բողոք ներկայացուցած է ՄԱԿ-ի Արդարադատութեան միջազգային ատեանին:
Սոյն տեղեկութիւնը Սեպտեմբեր 29-ին տեղադրուած է Ատեանի պաշտօնական կայքէջին վրայ։
«Հայաստան՝ վկայակոչելով Կանոնադրութեան 41-րդ յօդուածը եւ Ատեանի Կանոնակարգի 73-րդ յօդուածը, դատարան ուղարկած է ցեղային խտրականութեան բոլոր ձեւերու վերացման մասին միջազգային համաձայնագրով ամրագրուած իրաւունքները պահպանելու եւ պաշտպանելու համար առժամեայ միջոցներ կիրարկելու դիմում»,– նշուած է Ատեանի տեղեկագրին մէջ:
Հայաստան՝ ՄԱԿ-ի Ատեանին կոչ կ՚ընէ հաստատելու Ազերպայճանի յանձնառութիւնը՝ հրաժարելու «որեւէ գործողութենէ, որ ուղղուած է տեղւոյն վրայ մնացած Հայերը Լեռնային Ղարաբաղէն տեղահանելու»:
Երեւան կ՚ակնկալէ, որ Պաքու «ձեռնպահ կը մնայ պատժիչ միջոցներ ձեռնարկելէ Լեռնային Ղարաբաղի ներկայի կամ նախկին քաղաքական ներկայացուցիչներու կամ զինուորականներու նկատմամբ։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։