Search
Close this search box.

Ազերպայճանի դատախազութիւնը յայտարարած է թէ ձերբակալած է Դաւիթ Բաբայեանը

 

Ազերպայճանի դատախազութեան համաձայն՝ Արցախի նախկին Արտաքին գործոց նախարար եւ նախագահի խորհրդական Դաւիթ Բաբայեան ձերբակալուած է:

Ազերպայճանական կողմը կը յիշեցնէ, թէ «Բաբայեանի դէմ 2020 Հոկտեմբեր 28-ին քրէական գործ յարուցուած է քանի մը յօդուածներով՝ պատերազմ ծրագրելու, նախապատրաստելու, սկսելու եւ վարելու, վարձկաններ ներգրաւելու, զինեալ հակամարտութեան ընթացքին՝ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի չափանիշերը խախտելու, յանցագործական հրաման տալու, ահաբեկչութիւն կազմակերպելու, ազգամիջեան թշնամանք հրահրելու մեղադրանքներով»: